Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնանկ ընել ակումբի գլխաւոր մարզիչ արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոն, այս մասին հաղորդեց ֆրանսական «Լը Փարիզիեն»-ը:
50 տարեկան Փոքեթինօ ակումբին մարզիչ նշանակուեցաւ յունուար 2021-ին:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
Անոր հետ մայրաքաղաքի կազմը կատարեց 84 մրցում, արձանագրեց 56 յաղթանակ, 13 հաւասարութիւն եւ կրեց 15 պարտութիւն:
Վերջին երկու տարեշրջաններուն ակումբին արձանագրած ձախող արդիւնքները` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով, հանդիսացան մայրաքաղաքի կազմի ղեկավարութեան գլխաւոր մտահոգութիւնը, որոնց պատճառով անիկա որոշեց հեռացնել Փոքեթինոն: