Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը հրաժեշտ տուաւ սպանացի միջնապահ Խուան Մաթային` նկատի ունենալով, որ կողմերը պիտի չշարունակեն իրենց համագործակցութիւնը:
34 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` մանչեսթըրեան ակումբին հետ, իր աւարտին կը հասնի այս ամսուն 30-ին:
Մաթա, որ յունուար 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Մանչեսթըր Եունայթըտին, 285 մրցումի ընթացքին նշանակեց 51 կոլ եւ կատարեց 47 էսիսթ: