«ԵՒՐՕ-2023-»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 21 տարեկանէն վար զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ը. խմբակին, 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ հիւրը եղաւ Մակեդոնիոյ:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով, հակառակ անոր որ հայրենի կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը` 9-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Երեւանի բանակային կենտրոնական մարզական ակումբին մաս կազմող 18 տարեկան յետսապահ Էրիկ Սիմոնեանի:
Սակայն հիւրընկալ կազմը այդ կոլէն ետք նշանակեց 3 կոլ` յաջորդաբար 22-րդ, 85-րդ եւ 90+7-րդ վայրկեաններուն:
Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը, որ ցարդ կատարած է 8 մրցում, 3 կէտով կը գրաւէ այս խմբակին վերջին դիրքը:
Իսկ Մակեդոնիա, որ 9 մրցումէ ապահոված է 9 կէտ, կը գտնուի նախավերջին դիրքին վրայ: