Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նախորդ շաբաթավերջին Զուիցերիոյ դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (4-0) տուպլէ մը իրագործելով բարելաւեց իր համաշխարհային մրցանիշը:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այսպիսով, Ռոնալտօ իր նշանակած կոլերուն հաշիւը բարձրացուց 117-ի:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ալի Տայէ (109 կոլ):
Նշենք, որ Փորթուգալ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 9 յունիսին` մրցելով Չեխիոյ դէմ:
Անոր մաս կազմած խմբակին մէջ ցարդ ոչ համոզիչ արդիւնք կ՛արձանագրէ Սպանիա` նկատի ունենալով, որ անիկա իր կատարած երկու մրցումներուն ալ արձանագրած է հաւասարութիւն:


