Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Արժանթինի ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Էսթոնիոյ դէմ, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սպանական Փամփլոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, յաղթական կազմին հինգ կոլերն ալ նշանակեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (8-րդ` փենալթիով, 45-րդ, 47-րդ, 71-րդ եւ 76-րդ):
Նշենք, որ այսպիսով Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի պատմութեան մէջ Մեսսի հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ հինգ կոլ կը նշանակէ մրցումի մը ընթացքին:


