Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Յաղթական Մեկնարկը

June 6, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթավերջին Եւրոպայի տարածքին սկսաւ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի շարք մը մրցումներ:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգի Ա. խմբակին, իր կատարած առաջին մրցումին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Իրլանտան:

Ա. կիսախաղին հիւր կազմը ունեցաւ յստակ առաւելութիւն մը` Դաւիթ Եուրչենքոյի բերդին ուղղութեամբ հարուածելով վեց անգամ, մինչ Հայաստան միայն ուղղեց հարուած մը:

Բ. կիսախաղին հայրենի կազմը քիչ մը աւելի բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ 75-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ նշանակել սքանչելի կոլ մը` շնորհիւ ռուսական Քրասնոտարի 21 տարեկան միջնապահ Էդուարդ Սպերցեանի:

Այս կոլէն ետք, հիւր կազմը թէեւ ճնշեց Հայաստանի բերդին վրայ, սակայն չյաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ. այսպիսով, Հայաստան արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով:

Մրցումէն ետք, հանդերձարանին մէջ մեծ եղաւ հայրենի ֆութպոլիստներուն ուրախութիւնը, որոնք տօնախմբեցին իրենց այս կարեւոր յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ անոնք ունեցան յաղթական մեկնարկ մը:

Սպանացի մարզիչ, Խուաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը` Հայաստան չորեքշաբթի, 8 յունիսին պիտի կատարէ զտումի իր երկրորդ մրցումը, երբ հիւրը պիտի ըլլայ Սկովտիոյ:

Նախորդը

Արսէն Ջուլֆալակեան Ստեփանակերտի Մէջ Հանդիպեցաւ Արցախցի Պատանի Ըմբիշներուն Հետ

Յաջորդը

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Յովհաննիսեան` Ախոյեան, Արա Աղանեան Եւ Սամուէլ Գասպարեան` Փոխախոյեան

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.