«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ արձանագրելով 107-88 արդիւնքով յաղթանակ մը` Պոսթըն Սելթիքսի դէմ, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 1-1:
Առաջին մրցումին, որ դարձեալ տեղի ունեցած էր անոր դաշտին վրայ, Սելթիքս արձանագրած էր 120-108 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քարի, որ առաջին մրցումին նշանակած էր 34 կէտ, երկրորդին նշանակեց 28 կէտ:
Անոնց միջեւ, երրորդ եւ չորրորդ մրցումները տեղի պիտի ունենան Պոսթընի մէջ:


