Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Պրազիլ, որ մրցեցաւ Հարաւային Քորէայի դէմ, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող Նէյմար այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց` իր երկու կոլերն ալ նշանակելով փենալթիով, յաջորդաբար 42-րդ եւ 57-րդ վայրկեաններուն:
30 տարեկան Նէյմար, որ 2010-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Պրազիլի հետ, այսպիսով կատարելով իր 118-րդ միջազգային մրցումը, նշանակեց իր 73-րդ կոլը:
Պրազիլի ազգային խումբին հետ կոլ նշանակելու մրցանիշը կը պատկանի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի, որ 92 մրցումի ընթացքին նշանակած է 77 կոլ:
Այժմ 81 տարեկան Փելէ Պրազիլի հետ ելոյթ ունեցած է 1957-1971 թուականներուն: