Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան հրաժարեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Ա. Էս. Ռոմայի հետ:
Այսպիսով, 33 տարեկան ֆութպոլիստը 1 յուլիսին կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր փափաքած կազմին:
Շատ հաւանական է, որ ան միանայ Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլանին, որ հայրենի ֆութպոլիստին առաջարկած է երկու տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 4,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Ա. էս. Ռոմա Մխիթարեանին առաջարկեց երկարաձգել համագործակցութիւնը մէկ տարիով եւ տարեկան 4,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Եթէ պատահի, որ Մխիթարեան միանայ Ինթեր Միլանի, անոր հետ 2022-2023 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Մխիթարեան հռոմեան կազմին հետ մասնակցեցաւ 44 մրցումի, նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ: