Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պաշտօնապէս փոխուեցաւ մարզադաշտին անունը, ըստ «Սփորթիֆայ»-ի հետ ստորագրուած համաձայնագիրի կնքումին:
Այսուհետեւ ակումբին մարզադաշտը պիտի կոչուի «Սփորթիֆայ- Քամփ Նու»:
Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա այս գործարքէն պիտի ստանայ 300 միլիոն եւրօ: