 Այս ամսուան սկզբնաւորութեան մեկնարկը տրուեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի ախոյեանութեան` «Թուր տը Ֆրանս»-ին, որ իր պատմութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ 109-րդ անգամ ըլլալով:
Այս ամսուան սկզբնաւորութեան մեկնարկը տրուեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի ախոյեանութեան` «Թուր տը Ֆրանս»-ին, որ իր պատմութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ 109-րդ անգամ ըլլալով:
Քոփենհակընէն (Դանիա) սկսած այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի 24 յուլիսին, Շան զ՛Ելիզէի մէջ (Փարիզ, Ֆրանսա):
Երէկ տեղի ունեցած 6-րդ հանգրուանի մրցումը աւարտեցաւ սլովենիացի Թատեժ Փոկաքարի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Էմիրէյթց խումբ) յաղթանակով. ան ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 4 ժամ 27 վայրկեան եւ 13 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Նշենք, որ ան այժմ կը գրաւէ հեծելանւորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը (20 ժամ 44 վայրկեան եւ 44 երկվայրկեան):
Այսօր տեղի ունենալիք 7-րդ հանգրուանի մրցումը, որ պիտի սկսի Թոմպլենէն, պիտի աւարտի Լա Սուփըր Փլանշ տէ Պել Ֆիյի մէջ (176,3 քմ):
 
			

