«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին 2022-2023 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի բազմաթիւ ճակատումներ:
Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ Ալաշկերտ, որ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Համրուն Սփարթանսը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Իր կարգին, մրցում ունի կատարելիք նաեւ Արարատ Երեւան, որ հիւրը պիտի ըլլայ Շըքենտիժայի, ժամը 21:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:


