ՖԻՖԱ-ի նախկին նախագահ Սեփ Պլեթըր եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի նախկին աստղ Միշել Փլաթինի երէկ զուիցերիական ատեանէն անմեղ նկատուեցան փտածութեան մեղադրանքներէն:
Պլեթըր, որ ՖԻՖԱ-ն ղեկավարած էր 17 տարի, անպարտ նկատուեցաւ կաշառակերութեան յանցանքէն` Զուիցերիոյ հարաւը գտնուող Պելինզոնա քաղաքի դաշնակցային դատարանին կողմէ:
Փլաթինի, որ Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ եւ տնօրէն էր, նոյնպէս անմեղ նկատուեցաւ: