Սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով երէկ յայտարարեց, որ պիտի չկարենայ կատարել կիսաւարտական հանգրուանի իր այսօրուան մրցումը` աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսի դէմ:
Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Քիրկիոս թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ապահովէ կրան շլեմի մը մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը այսօր իրարու դէմ պիտի հանէ թիւ 1 դասուած Նովաք Ճոքովիչն (Սերպիա) ու Քամերոն Նորին (Անգլիա, 9-րդ):


