Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին («Թուր Տը Ֆրանս») 7-րդ հանգրուանի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, դարձեալ վերջ գտաւ Թատեժ Փոկաքարի (Սլովենիա) յաղթանակով, որ մաս կը կազմէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-«Էմիրէյթց» խումբին:
Երէկուան այս հանգրուանը, որ սկսաւ Թոմպլենէն, իր աւարտին հասաւ Լա Սիւփեր Փլանշ տէ Պել Ֆիյի մէջ (176,3 քմ):
Փոկաքար ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 3 ժամ, 58 վայրկեան եւ 40 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Ան այսպիսով կը շարունակէ իր մօտ պահել դեղին շապիկը` արձանագրելով 24 ժամ 43 վայրկեան եւ 14 երկվայրկեան արդիւնք մը: