Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այսօր` հինգշաբթի 7 յուլիսին, տեղի ունենալիք Կզիրա (Մալթա)-Աթլեթիք Էսքալտես մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Հայաստանէն Զաւէն Յովհաննիսեան:
Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Մեսրոպ Ղազարեան եւ Ատոմ Սեւգուլեան, մինչ չորրորդ իրաւարարը` Աշոտ Ղալթախչեան:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մալթայի մէջ, կ՛իյնայ «Եուրոփա Քոնֆըրանս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ:


