 «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող փորձառու եւ անուանի խաղացող Սթեֆըն Քարիի մարզաշապիկը աճուրդով ծախուեցաւ 203.330 ամերիկեան տոլարի, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը:

Ան այս մարզաշապիկով իր մասնակցութիւնը բերաւ Պոսթըն Սելթիքի դէմ տեղի ունեցած այս տարուան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին եւ յաջողեցաւ հաստատել մրցանիշ մը` առաջին քորթըրին արձանագրելով 6 թրի փոյթ:
Նշենք, որ մարզաշապիկներու վաճառքի մրցանիշը` 3, 69 միլիոն ամերիկեան տոլար, կը պատկանի Լոս Անճելըս Լէյքըրզի անցեալի անուանի խաղացող Քոպի Պրայընթին, որ 26 յունուար 2020-ին մահացաւ ուղղաթիռի արկածի պատճառով: