Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի 2024-ի աշխարհի ֆութսալի տղոց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը (Եւրոպայի գօտի), որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Չեխիան եւ Պոսնիան:
12 խմբակներուն պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ երկրորդ դիրքը գրաւած լաւագոյն չորս խումբերը, կ՛ապահովեն փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը:


