 Ամերիկեան մարզական մամուլին համաձայն, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նորընծայ ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Պրուքլին Նեթցին մաս կազմող Քեւին Տիւրանթը:
Ամերիկեան մարզական մամուլին համաձայն, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նորընծայ ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Պրուքլին Նեթցին մաս կազմող Քեւին Տիւրանթը:
Նշուեցաւ, որ Տիւրանթ դիմած է Նեթցի ղեկավարութեան` յայտնելով, որ կը փափաքի այլ կազմի մը միանալ:
Ուորիըրզին մաս կազմող մարզիկներէն` Սթեֆըն Քարի, Քլէյ Թոմսըն եւ ուրիշներ ողջունեցին Տիւրանթի վերադարձը` յոյս յայտնելով, որ անոր հետ կը յաջողին աւելի լաւ արդիւնքներու հասնիլ:
Նշենք, որ Տիւրանթ 2016-2018 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Ուորիըրզին:
 
			

