Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր կատարած փորձերուն ընթացքին վնասուածք ստացաւ:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը շատ հաւանաբար դաշտերէն բացակայի աւելի քան 10 օր:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, ան իր փորձերուն պիտի վերսկսի 5 հոկտեմբերին:
Ան պիտի բացակայի Օսասունայի եւ Շախտիոր Տոնեցքի դէմ կատարուելիք մրցումներէն եւ շատ հաւանաբար` Կեթաֆէի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան իր մասնակցութիւնը բերէ 16 հոկտեմբերին Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: