Մարիա Սոլէ Ֆերիերի Քափութի, պիտի ըլլայ առաջին կին իրաւարարը, որ պիտի սուլէ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցում մը, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Նշենք, որ ան նկատի առնուեցաւ իբրեւ 2 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Սասուոլօ-Սալերնիթանա մրցումի կեդրոնի իրաւարար:
Նախորդ տարեշրջանին 31 տարեկան իրաւարարը իր նորամուտը նշեց Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, երբ սուլեց Չիթատելայա-ՍՓԱԼ մրցումը:
Ան երկու առիթով եղած է Ա. դասակարգի ակումբներու մասնակցութեամբ Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքի մրցումներուն կեդրոնի իրաւարարը: