Երէկ` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին, Պաթումի մէջ (Վրաստան) իր աւարտին հասաւ 8, 10 եւ 12 տարեկան աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց աղջկանց 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն մէջ հանդէս եկած Նարէ Իսախանեան, որ 7,5 կէտով գրաւեց դասաւորման 9-րդ դիրքը:
Երկրորդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեցին տղոց 10 տարեկանէն վար մրցաշարքին մէջ ելոյթ ունեցած Վաչէ Քոչարեան (19-րդ) եւ Աւետիք Արզումանեան (31-րդ), ինչպէս նաեւ տղոց 12 տարեկանէն վար մրցումներուն մէջ ելոյթ ունեցած Արման Յարութիւնեան (31-րդ): Անոնք ապահովեցին 7-ական կէտ:


