Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր, Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ ապաքինեցաւ իր ստացած վնասուածքէն, երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն, իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած խումբին հետ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պենզեմա վնասուածք ստացաւ նախորդ 6 սեպտեմբերին, սկովտիական Սելթիքի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումին:
Մայրաքաղաքի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 2 հոկտեմբերին, երբ «Լա Լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրընկալէ Օսասունան: