Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալէն ետք, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
52 տարեկան մարզիչին պայմանագրութիւնը Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտը:
Սաութկէյթ, որ 2016-էն ի վեր Անգլիոյ ազգային խումբին մարզիչն է, նախապէս գլխաւորած է նաեւ Անգլիոյ երիտասարդներու խումբը:
Նշուեցաւ, որ անոր պաշտօնազրկման պարագային հաւանական թեկնածուներն են Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ, Լայսթըր Սիթիի մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ եւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի մարզիչ Սթիւ Քուփըր:
Նշենք, որ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով Անգլիա երեք հաւասարութիւն արձանագրելէ եւ երեք պարտութիւն կրելէ ետք, Ա. դասակարգէն փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Ինչ կը վերաբերի 2022-ի Մոնտիալին, անոր մրցակիցները պիտի ըլլան Իրան, Կալես եւ Միացեալ Նահանգներ (Բ. խմբակ):