Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ իր յառաջապահին` Օլիվիէ Ժիրուին:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի 35 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը միլանեան կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Ըստ իտալական մարզական մամուլին, անոր պիտի առաջարկուի նոր պայմանագրութիւն մը` մէկ տարուան համար:
Ան Իտալիոյ ախոյեանին հետ հանդէս կու գայ 2021-էն ի վեր: