Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող աղջկանց պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներէն ետք, յստակացան կիսաւարտական հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը, որոնք այսօր կը մրցին իրարու դէմ:
Աւստրալիա կը մրցի Չինաստանի դէմ, իսկ Միացեալ Նահանգներ` Քանատայի դէմ:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Չինաստան յաղթեց Ֆրանսայի (85-71), Աւստրալիա` Պելճիքայի (86-69), Միացեալ Նահանգներ` Սերպիոյ (88-55), իսկ Քանատա` Փորթօ Ռիքոյի (79-60):
Այսպիսով, մրցաշարքը պիտի շարունակուի առանց որեւէ եւրոպական ազգային խումբի:
Երրորդ դիրքի եւ աւարտականի մրցումները կը կատարուին վաղը` շաբաթ, 1 հոկտեմբերին: