Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի պիտի չվերադառնայ Պարսելոնա, եթէ քաթալոնական ակումբին մաս կազմող սպանացի յետսապահ Ժերար Փիքէ չհեռանայ խումբէն:
Երկու ֆութպոլիստները իրարու հետ լարուած յարաբերութիւններ ունին:
35 տարեկան Մեսսիի պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ իր աւարտին կը հասնի յունիս 2023-ին: Ան 2021-ի ամրան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ տեղափոխուեցաւ մայրաքաղաքի կազմ:
Նշուեցաւ, որ արժանթինցին պատրաստ է միանալու սպանացի Չաւիի գլխաւորած խումբին, եթէ վերոնշեալը կատարուի:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան, Մեսսի իր մասնակցութիւնը բերած է 11 մրցումի, նշանակած 6 կոլ եւ կատարած 8 էսիսթ: