Երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Նորայր Մուշեղեանի անուան ըմբշամարտի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցին վերաբացման հանդիսութիւնը:
Ներկայ գտնուեցան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, բարերար Վազգէն Գէորգեան, Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Խաչատրեան, ողիմպիական խաղերու ախոյեան, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, ըմբշամարտի աշխարհի այլ ներկայացուցիչներ եւ պատանի մարզիկներ:
Նախարարի տեղակալը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մարզադպրոցին բարելաւուած պայմանները անկասկած պիտի նպաստեն յառաջիկային աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:
Նշենք, որ մարզադպրոցին վերանորոգման աշխատանքները կատարուեցան տնօրէն Սամուէլ Գէորգեանի ընկերոջ` Վազգէն Գէորգեանի նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ: