Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի միջազգային յետսապահ Ժերար Փիքէ շատ հաւանաբար շուտով ունենայ իր նոր ակումբը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Աթլեթիքօ Մատրիտ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է 35 տարեկան ֆութպոլիստով:
Մատրիտեան ակումբի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի կարծիքով, Փիքէի ժամանումը կրնայ զօրացնել խումբին պաշտպանողական գիծը:
Կրնայ պատահիլ, որ անոր տեղափոխութիւնը Աթլեթիքօ Մատրիտ կատարուի յունուար 2023-ին:


