Երէկ գիշեր իր աւարտին հասաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Թունուզի մէջ:
Լիբանանի ախոյեան Պէյրութ, որ աւարտականի մրցումին մրցեցաւ եգիպտական Սմուհայի դէմ, արձանագրելով 69-64 արդիւնքով յաղթանակ մը, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսակիրը:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցան Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամները, ինչպէս նաեւ Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ:


