– Արժանթին Չորրորդ Անգամ Ըլլալով
Հասաւ Կիսաւարտականին
– Մարոք Դուրս Ձգեց Փորթուգալը,
Իսկ Ֆրանսա` Անգլիան
Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի մրցաշարքին ծիրին մէջ, բաւական զօրաւոր եւ հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք վերջ գտաւ Արժանթին-Նետերլանտներ քառորդ աւարտականի մրցումը:
Պրազիլ-Խրուաթիա մրցումին նման անիկա եւս վերջ գտաւ փենալթիներով:
Նետերլանտներ դուրս մնացին Մոնտիալէն` կրելով 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը, մինչ Արժանթին իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ չորրորդ անգամ ըլլալով կը հասնի Մոնտիալի կիսաւարտականին (նախապէս` 1986, 1990 եւ 2014):
Կիսաւարտականին Արժանթին իր դէմ պիտի ունենայ աշխարհի գործող փոխախոյեան Խրուաթիան, թէեւ շատեր այն կարծիքին էին եւ կը յուսային Պրազիլ-Արժանթին հետաքրքրական ճակատումի մը ականատես ըլլալ:
Վերադառնալով Արժանթին-Նետերլանտներ մրցումին, որուն 120 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով, հարաւային ամերիկեան կազմին կոլերը նշանակեցին Նահուել Մոլինա (35-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (73-րդ), իսկ եւրոպական կազմին կոլերը` Վութ Ուեկհորսթ (83-րդ եւ 90+11-րդ):
Նշանակելով իր 10-րդ կոլը` Մոնտիալի մրցումներուն ընթացքին, Մեսսի այսպիսով հաւասարեցաւ երկրին մրցանշանակիր Կապրիել Պաթիսթութային:
Նշենք, որ այս մրցումը թէեւ եղաւ հետաքրքրական, սակայն անիկա եղաւ քիչ մը կարծր խաղարկութեամբ ճակատում մը` երկու կազմերուն կարգ մը մարզիկներուն կողմէ:
Օրուան սպանացի իրաւարարը` Անթոնիօ Մաթէու, 15 անգամ գործածեց իր դեղին քարտը. 8-ը` արժանթինցիներուն, իսկ 7-ը` նետերլանտցիներուն դէմ:
Իրենց կարգին, կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին Մարոք եւ Ֆրանսա` իրենց յաղթանակները արձանագրելով յաջորդաբար Փորթուգալի (1-0) եւ Անգլիոյ (2-1) դէմ:
Մարոքի արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ պատմական` նկատի ունենալով, որ անիկա հանդիսացաւ ոչ միայն արաբական, այլեւ ափրիկեան առաջին խումբը, որ կը հասնի այս հանգրուան:
Փորթուգալի դէմ կատարուած մրցումին, մարոքցի Եուսեֆ Նեսիրի նշանակեց միակ կոլը` 42-րդ վայրկեանին:
Անոր խմբակից Ուալիտ Շետիրա մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ) կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իսկ քառորդ աւարտականի վերջին մրցումին Ֆրանսայի կոլերը նշանակեցին Օրելիեն Չուամենի (17-րդ) եւ Օլիվիէ Ժիրու (78-րդ), իսկ Անգլիոյ կոլը` խմբապետ Հերի Քէյն (54-րդ` փենալթիով):
Քէյն մրցումին 84-րդ վայրկեանին իր կազմին շնորհուած այլ փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել` հարուածելով բերդէն վեր:
Նշենք, որ Ֆրանսայի երկու կոլերուն էսիսթը կատարեց Անթուան Կրիզման:
Երէկուան նման այսօր` երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին եւս, որեւէ մրցում պիտի չկատարուի:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Արժանթին կը մրցի Խրուաթիոյ դէմ (երեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին), իսկ Մարոք` Ֆրանսայի դէմ (չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերին):


