71 տարեկան անուանի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ իր կազմին` Նետերլանտներու կրած պարտութենէն ետք, ներկայացուց իր հրաժարականը:
Ինչպէս ծանօթ է, Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի ծիրին մէջ, անոր կազմը, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն մրցեցաւ Արժանթինի դէմ, պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
71 տարեկան Վան Կաալին փոխարինեց Ռոնալտ Քէօման, որ անցեալին արդէն իսկ ստանձնած է այս պաշտօնը:
59 տարեկան Քէօման 2018-էն 2020 եղած է Նետերլանտներու մարզիչը:
Նշուեցաւ, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է, մինչեւ 2026-ի Մոնտիալի աւարտը:


