Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Թիթէ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն:
Նշենք, որ յաջորդաբար երկրորդ Մոնտիալն ըլլալով Պրազիլ Թիթէի գլխաւորութեամբ չի յաջողիր քառորդ աւարտականէն անդին հասնիլ:
61 տարեկան Թիթէ, որ 2016-ին ստանձնեց Պրազիլի Ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, գլխիկոր հեռացաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալէն` փենալթիներով պարտութիւն մը կրելէ ետք աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիայէն:


