Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի գրասենեակը յայտնեց, որ ան ներկայ պիտի գտնուի Ֆրանսա-Մարոք մրցումին, որ կ՛իյնայ Քաթար-2022-ի Մոնտիալի կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, այս մասին յայտնեց «Ֆրանս Ինֆօ»:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերին:
Նախորդ Մոնտիալին եւս, որ տեղի ունեցաւ 2018-ին` Ռուսիոյ մէջ, Մաքրոն ներկայ գտնուած էր Ֆրանսայի կատարած աւարտական հանգրուանի մրցումին, որուն ընթացքին Ֆրանսա հանդիսացած էր ախոյեան` 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Խրուաթիոյ:


