Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող հանրածանօթ ֆութպոլիստ Նէյմար, Խրուաթիայէն իր կազմին կրած պարտութենէն ետք (2022-ի Մոնտիալ) յայտնեց, որ շատ հաւանաբար հեռանայ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբէն:
Ան ըսաւ, որ թէեւ ներկայիս իր այս յայտարարութիւնը կը կատարէ ոչ այդքան ուրախ մթնոլորտի մը մէջ եւ իր այդ որոշումը կրնայ վերատեսութեան ենթարկել, սակայն ըսաւ, որ այդքան ալ համամիտ չէ, որ կը վերադառնայ ազգային հաւաքական:
Եզրափակելով, ան ըսաւ, որ այդ ցաւը մոռնալու համար բաւական ժամանակի կարիք ունի:
Նշենք, որ 2026-ի Մոնտիալին Նէյմար պիտի դառնայ 34 տարեկան:


