Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, վերջնականապէս հրաժարեցաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` Մոնտիալը երկու տարին անգամ մը կատարելու գաղափարէն, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան համաշխարհային բաժինին նախագահը` ֆրանսացի Արսէն Վենկեր:
Լոնտոնեան Արսենալի նախկին գլխաւոր մարզիչը շուրջ երկու տարիէ կը փորձէ ՖԻՖԱ-ի անդամ երկիրները համոզել, որ Մոնտիալը կայանայ երկու տարին անգամ մը:
Սակայն, Եւրոպայի եւ Հարաւային Ամերիկայի ֆետերասիոնները ոչ միայն դէմ եկան այդ գաղափարին, այլ նաեւ սպառնացին կատարել իրենց առանձին աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Նշենք, որ Մոնտիալը երկու տարին անգամ մը կատարելու գաղափարին համամիտ են ափրիկեան եւ ասիական երկիրներու ֆետերասիոնները:


