Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի, նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 2022-ի Մոնտիալի աւարտէն անմիջապէս ետք, բանակցութիւններ պիտի կատարենք արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հետ:
«Ան շատ ուրախ է մայրաքաղաքի կազմին հետ եւ կու տայ իր առաւելագոյնը, որպէսզի խումբը յաջողութիւններու հասնի:
«Իրարու հետ նախնական համաձայնութեան եկանք, որպէսզի աշխարհի ախոյեանութենէն անմիջապէս ետք, սկսինք մեր բանակցութիւններուն` անոր պայմանագրութեան երկարաձգման գծով», ըսաւ Խելայֆի:
Նշենք, որ արժանթինցիին պայմանագրութիւնը` Սեն Ժերմենի հետ, իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2023-ին:


