Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Ե. խմբակ), որ Ահտի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Ճօ Ապու Ռըժէյլի եւ Յակոբ Նաճարեան:
Մրցում մը նուազ կատարած ՀՄԸՄ առաջին մրցումին արձանագրած էր յաղթանակ մը, մինչ անոր մրցակիցը իր առաջին երկու մրցումներուն արձանագրած էր երկու յաղթանակ:
Խմբակին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Ռիատի Արամուն, որ արձանագրած է երեք յաղթանակ: