25-30 դեկտեմբերին Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ արագ եւ կայծակնային (պլից) ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան` 13 երկսեռ խաղացողներով (9 տղաք եւ 4 աղջիկներ):
Տղոց մրցաշարքին, որուն կը մասնակցին 149 ճատրակ խաղացողներ, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Գաբրիէլ Սարգսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Զաւէն ԱնդրԷասեան, Տիգրան Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան:
Իսկ աղջկանց ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան:
Արագ ճատրակի մրցաշարքին, տղոց պարագային տեղի պիտի ունենայ 13 հանգրուան, իսկ աղջկանց պարագային` 11 հանգրուան:
Ինչ կը վերաբերի կայծակնային մրցաշարքին, տղոց գծով տեղի պիտի ունենան 21 հանգրուանի մրցումներ, իսկ աղջկանց պարագային` 17 հանգրուան:
Տղոց մրցանակային հիմնադրամը պիտի ըլլայ 350 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ աղջկանցը` 150 հազար ամերիկեան տոլար:


