Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ երեքշաբթի, 25 ապրիլին հիւրընկալեց Լիտըրզը:
Նախքան մրցումին մեկնարկը տրուիլը, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պաստառ մը բռնած ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:
Մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ հիւր կազմը, որ արձանագրեց 109-95 արդիւնքով յաղթանակ մը (17-27, 22-35, 25-28 եւ 31-19):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ՀՄԸՄ-էն Մարք Լայընզ (40 կէտ), ներառեալ 5 թրի փոյնթ:
Իր կարգին, 5 թրի փոյնթ նշանակեց անոր խմբակից Մոհամետ Քրէյտի (ընդամէնը` 19 կէտ), մինչ 11 կէտ նշանակեց Սէրուժ Աւետիսեան:
Լիտըրզէն ամէնէն շատ կէտը (32) նշանակեց Տէյվիս Սթենլի, ապա Եուսեֆ Ղանթուս (27):
Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան Լիտըրզ ունեցաւ մինչեւ 34 կէտի առաւելութիւն մը (88-54):