Եւրոպայի սամպոյի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայֆայի մէջ (Իսրայէլ), Հայաստան տիրանալով 19 գունաւոր մետալի (4 ոսկի, 4 արծաթ եւ 11 պրոնզ), գրաւեց ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը:
Ախոյեանութեան վերջին օրը, մարտական սամպոյի 98 քկ դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հռչակուեցաւ Արման Աւանեսեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մարզական սամպոյի աղջկանց 54 քկ դասակարգի մրցումներուն, Վարսիկ Գրիգորեան թէեւ հասաւ աւարտականին, սակայն պարտութիւն մը կրելով ռուս Մարկարիթա Փառնեւայէն, հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Իսկ 58 քկ դասակարգին մէջ, Տիգրան Կիրակոսեան բաւականացաւ պրոնզ մետալով մը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մարզիկները հանդէս եկան միջազգային ֆետերասիոնի դրօշին տակ: