Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի աշխատավարձի բարձրացում կը պահանջէ իր ակումբէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ այս պատճառով փարիզեան ակումբին եւ 35 տարեկան ֆութպոլիստին միջեւ բանակցութիւնները` նոր պայմանագիրի գծով, մտած են փապուղի:
Մայրաքաղաքի կազմը պատրաստ չէ վճարելու աւելի բարձր աշխատավարձ, սակայն կը փափաքի, որ Մեսսի մնայ ակումբին մէջ, մանաւանդ որ անոր պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի յառաջիկայ յունիսին, երբ վերջ գտնէ 2022-2023 տարեշրջանը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, շատ հաւանական է, որ ան վերադառնայ Պարսելոնա: