Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ, որ Ժիրոնայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, կը կարծուի, որ քանի մը մրցումով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
37 տարեկան Մոտրիչ, որ բացակայեցաւ նախորդ շաբաթավերջին Ալմերիայի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (4-2), պիտի բացակայի Ռէալ Սոսիետատի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն, ինչպէս նաեւ շատ հաւանական է, որ բացակայի Օսասունայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն (Սպանիոյ բաժակ) եւ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ («Չեմփինըզ Լիկ») կատարուելիք ճակատումէն:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան արքայական ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 44 մրցումի, նշանակած է 6 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:


