«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, արեւելեան շրջանին առաջին հանդիսացած խումբը` Միլուոքի Պաքս, երկարաձգումէն ետք 128-126 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Նիւ Եորք Նիքսէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն, ընդհանուր հաշուով անկէ պարտուելով 4-1 արդիւնքով:
Այս վերջին` հինգերորդ մրցումին, յաղթական կազմէն 42 կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր, մինչ Պաքսէն 38 կէտ` Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ:
4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեցին նաեւ Մինեսոթա Վուլվզ (Տենվըր Նակեթցէն), Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (Ֆէոնիքս Սանզէն), Քլիվլենտ Քաւալիրզ (Նիւ Եորք Նիքսէն):
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցեն յաջորդաբար Սաքրամենթօ Քինկզը եւ Մեմֆիս Կրիզլիզը: