Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ «Քամփ Նու» մարզադաշտին վերանորոգութեան համար հաւաքեց 1,45 միլիառ եւրօ:
Յառաջիկայ տարեշրջանին Պարսելոնա իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումներուն համար նկատի առաւ Լուիս Քոմփանիսի անուան Քաթալոնիոյ ողիմպիականի մարզադաշտը:
Ասկէ բացի, ակումբին համակիրներուն կը սպասէ այլ փոփոխութիւն մըն ալ:
Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա մտադիր է նաեւ զգալիօրէն բարձրացնել տարեշրջանի բաժանորդագրութեան գիները:
Ամէնէն աժան բաժանորդագրութիւնը 114 եւրոյէն պիտի բարձրանայ 325 եւրոյի, իսկ ամէնէն սուղը 1191 եւրոյէն` 1723 եւրոյի:
Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պարսելոնա 76 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 11 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով երկրին գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտի վրայ: