Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 33-րդ հանգրուանին տեղի ունեցաւ տարեշրջանի ամէնէն կարեւոր մրցումներէն մէկը, որուն ընթացքին երկրին գործող ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի հիւրընկալեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալը:
Լոնտոնեան կազմին կրած պարտութիւնը (4-1)` մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմէն` Սիթիէն, պատճառ դարձաւ, որ ախոյեանութեան համար մղուող պայքարը` անոնց երկուքին միջեւ, աւելի սուր բնոյթ ստանայ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մանչեսթըրեան կազմը ունեցաւ 73 կէտ, մինչ Միքել Արթեթայի գլխաւորած կազմին` Արսենալի ունեցած կէտերը մնացին անփոփոխ` 75:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց պելճիքացի միջնապահ Քեւին տը Պրույնը (7-րդ եւ 54-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին անգլիացի յետսապահ` Ճոն Սթոնզ (45+1-րդ) եւ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ (90+5-րդ):
Արսենալի միակ կոլը նշանակեց անգլիացի յետսապահ Ռոպ Հոլտինկ (86-րդ):
Այստեղ պէտք է կարեւորութեամբ նշել այն կարեւոր կէտը, որ Արսենալ ցարդ կատարած է 33 մրցում, մինչ Մանչեսթըր Սիթի` 31 մրցում: