Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Եուվենթուսին վերադարձուեցաւ անկէ խլուած ախոյեանութեան 15 կէտը:
Նախորդ յունուարին Եուվենթուսէն խլուած էր 15 կէտ, ակումբին նախկին ղեկավարութեան կատարուած տնտեսական օրինազանցութիւններուն պատճառով:
Այսպիսով, իր տրամադրութեան տակ այժմ ունենալով 59 կէտ, Եուվենթուս 7-րդ դիրքէն բարձրացաւ երրորդ դիրք եւ այժմ երկու կէտով միայն ետ կը մնայ երկրորդ դիրքը գրաւող Լացիօ Ռոմայէն:
Պարագլուխի դիրքը 78 կէտով կը գրաւէ Նափոլի:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 8 հանգրուան միայն: