Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի վերջին երկու մետալներուն տիրացան Վարազդատ Լալայեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան:
Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած 109 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, Հայաստանի երկու յառաջատար ծանրաբարձները` Լալայեան եւ Մարտիրոսեան, յաջորդաբար տիրացան արծաթ եւ պրոնզ մետալներուն, մինչ ախոյեան հանդիսացաւ վրացի Լաշա Թալախածէ:
Երկամարտի մրցումներուն, Լալայեան արձանագրեց 462 քկ (212+250) արդիւնք մը, մինչ Մարտիրոսեան` 440 քկ (195+245):
Արձանագրելով 474 քկ արդիւնք մը, Թալախածէ այսպիսով հանդիսացաւ Եւրոպայի 7-ակի ախոյեան:
Նշենք, որ Հայաստանէն այս ախոյեանութեան ախոյեան հանդիսացան Գոռ Սահակեան (67 քկ), Դաւիթ Յովհաննիսեան (92 քկ), Գարիկ Կարապետեան (102 քկ) եւ Սամուէլ Գասպարեան (109 քկ):
Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ տասը ծանրաբարձով, տիրացաւ երկամարտի 10 մետալի:
Այսպիսով, երկամարտի մրցումներուն արդիւնքները նկատի առնելով, Հայաստան գրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը (12 ոսկի, 11 արծաթ եւ 13 պրոնզ):
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռումանիա (9 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ), իսկ երրորդ դիրքը` Վրաստան (8 ոսկի, 7 արծաթ եւ 2 պրոնզ):