Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող յետսապահ Տաւիտ Ալապա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել իր ակումբին կատարելիք յառաջիկայի քանի մը մրցումներուն, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աւստրիացի ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ լոնտոնեան Չելսիի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին ընթացքին:
Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ալապա ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի նուազագոյնը երկու շաբաթ: