Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտ մինչեւ յունիս 2024 երկարաձգեց սպանացի յետսապահ Նաչօ Ֆերնանտեսի պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ֆերնանտես, որ Ռէալ Մատրիտի սան է եւ անոր մաս կը կազմէ 22 տարիէ ի վեր, գլխաւոր խումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 319 մրցումի եւ տիրացած 23 տիտղոսի:
Աւարտած տարեշրջանին 33 տարեկան ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը բերաւ 44 մրցումի, նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:


